2012-01-15 10:04:08

15 Յունուար Գաղթականներու Եւ Փախստականներու Համաշխարհային 89-րդ Օր` Եկեղեցւոյ Ու Միջազգային Հասարակութեան Յանձնառումը Հանդէպ Բոլոր Անոնց Որոնք Փախած են Պատերազմէն Ու Թշուառութենէն։


Գերապայծառ Վելիօ` նախագահը գաղթականներու եւ թափառաշրջիկիներու հովութեան քահանայապետական խորհուրդին, մամուլին հետ ունեցած ելոյթով հաստատած է որ գաղթականներու եւ փախստականներու համաշխարհային 89-րդ օրը կը յիշեցնէ, վիճակագրութիւններու համաձայն, որ աշխարհի վրայ կան աւելի քան 200 միլիոն գաղթականներ, 15 միլիոն փախստականներ, 27 միլիոն տեղահաններ եւ աւելի քան 3 միլիոն միջազգային համալսարաններ յաճախող ուսանողներ։ Եկեղեցին եւ ընկերութիւնը կանչուած են յանձնառումով հետեւելու անոնց հարցերուն արդար լուծում գտնելու եւ արժանաւոր կեանք մը ապահովելու։
Միջազգային զօրակցութիւնը կանչուած է օգնութեան հասնելու անոնց, ոչ միայն տնտեսապէս, որ անշուշտ կարեւոր է, այլ եւ ճանչնալով անոնց իրաւունքները ազատօրէն տեղափոխուելու, աշխատելու եւ մասնագիտանալու։ Ապա գերապայծառ Վելիօ դիտել տուաւ որ գաղթականներու եւ փախստականներու հովութեան քահանայապետական խորհուրդը մօտէն կը մտահոգուի աշխարհի փախստականներու հարցով եւ ներկայիս կը հետեւի հարաւային Սուտանի մգջ ապաստան գտած 80 հազար գաղթականներով, Սոմալիայէն Քենիա ու Եւթոպիա եկած 600 հազար տեղահաններով, առանց մոռնալու, Գոնկոյի մէջ տարիներէ գործադրուած բռնութիւններու հետեւանքով անհամար մարդոց սպաննութիւնը կամ տեղահան եղած անհատները։
Պատասխանելով այն հարցումին թէ ի՞նչպէս կարելի է դարձնել գաղթականութեան երեւոյթը որպէս բարեպատեհ առիթ աւետարանութեան, գերապայծառ Վելիօն կը պատասխանէ որ Սրբազան Քահանայապետըր քրիստոնեաներէն կը խնդրէ որ նոյն եռանդը ունենան ինչպէս ունեցած էր քրիստոնէութեան արշալոյսի առաջին հասարակութիւնը, նախ օգնութեան հասնելով օտարին եւ ապա ճանչցնելով Քրիստոսի Աւետարանը։
Յայտնենք որ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը անցեալ 6 յունուարին Աստուածայայտնութեան տօնին օրը յայտնեց որ` յառաջիկայ 18 փետրուարին` 22 կարտինալ պիտի նշանակէ, անոնց կարգին է նաեւ գերապայծառ Վելիօ։ Իր այս անուանումով գերապայծառ Վելիօ անդամ կը դառնայ կարտինալական դասին եւ որուն շնրհիւ ան կարելիութիւն պիտի ունենայ լաւագոյնս օգնութեան հասնելու գաղթականին, փախստականին եւ տկարին։








All the contents on this site are copyrighted ©.